2013-10-03 12:07:08

Սուրիացի Գաղթականներու Հետզհետէ Շեշտուող Հոսքի Լոյսին Տակ`. Զանազան Հոգերով Ծանրաբեռնուած Ցուրտ Եւ Դժուար Ձմեռ Մը Կը Նախատեսուի Լիբանանի Մէջ


Աւելի քան երկու տարիներէ ի վեր սուրիական արիւնահեղութեան պատճառով Լիբանան «կուտակուող» սուրիացի գաղթականներու հոսքը առօրեայ մտահոգութիւն դարձած է երկրի գրեթէ բոլոր մարզերու պատասխանատուներուն եւ արտաքին առնչակից կողմերուն մօտ` մարդկային, քաղաքական, ժողովրդագրական, ընկերային, տնտեսական թէ ապահովական առումներով:
Արդարեւ, տեղական թէ միջազգային կամ ՄԱԿ-ի ծիրին մէջ գումարուող թէ գումարուելիք (Ժընեւի եւ շատ հաւանաբար նաեւ` Քուէյթի մէջ) առնչակից ժողովները չեն յաջողիր լրիւ կերպով հանդարտեցնել ո՛չ նոյնինքն գաղթականները, ո՛չ ալ` անոնց կացութեամբ զբաղող մարմինները կամ առնչակից կողմերը:
Միջազգային դրամատան նախագահ Ճիմ Եոնկ Քիմ երէկ մտավախութիւն յայտնեց սուրիացի գաղթականներու Լիբանան հոսքի ժխտական հետեւանքներուն գծով:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի երէկ շարունակեց իր հանդիպումները երկրի ղեկավարներուն եւ առնչակից կողմերու ներկայացուցիչներուն հետ: Այս ծիրին մէջ Փլամպլի տեսակցեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելի հետ: Ան այսօր պիտի տեսակցի նաեւ տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Նահհասի հետ:
Փլամպլի փափաք յայտնեց, որ Քուէյթ եւս Ժընեւի օրինակով Լիբանանի զօրակցութեան համագումար մը կայացնէ սուրիացի գաղթականներու հարցին գծով:
Կենսոլորտի աղբիւրներ ահազանգ հնչեցուցին, թէ հարիւր տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով սաստիկ ցուրտ կլիմայով ձմեռ մը կը նախատեսուի Լիբանանի մէջ, ինչ որ առաւել եւս պիտի բարդացնէ սուրիացի գաղթականներու առանց այդ ալ ոչ նախանձելի վիճակն ու ապրուստի եւ կենցաղային պայմանները:
Կլիմայական այս մտավախութիւնը իր անդրադարձը կ՛ունենայ նաեւ Լիբանանի ընկերային-տնտեսական եւ այլ առնչակից մարզերու վրայ:
Իր կարգին տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Նահհաս երէկ ահազանգ հնչեցուց` յայտնելով, որ Լիբանան այլեւս անկարող է նորանոր (սուրիացի) գաղթականներ «հիւրընկալելու»:
«2000 թուականէն ի վեր Լիբանանի ընկերային-տնտեսական իրավիճակը տեղքայլի մէջ է եւ ցարդ արձանագրուած է 2 առ հարիւր համեմատութեամբ աճ միայն:
Կրթական իմաստով եւս, բազմահարիւր գաղթականներու հոսքը միաժամանակ կը «խճողէ» նաեւ լիբանանեան վարժարանները, որոնք վերամուտի սեմին մատնուած են խիստ նեղ կացութեան` սուրիացի գաղթական աշակերտներու համար կրթական անհրաժեշտ կեդրոնները, կազմածները թէ այլ պէտքերը հոգալու գծով:







All the contents on this site are copyrighted ©.